Էրբիլ-Իրաքյան Քուրդիստան հայ մշակութային եւ ընկերային միութեան փոխատենապետ Յակոբ Սիմոնեանի հետ
- Պրն Սիմոնեան, կրնա՞ք դուք ձեզ ծանօթացնել որպէս Էրբիլի Հայ մշակութային եւ ընկերային միութեան անդամ, ինչպէս նաեւ միւս անդամներու գործունէութիւնը:
- Մասնագիտութեամբ ելեկտրագէտ-երկրաչափ եմ, միութեան փոխատենապետը: Երկար տարիներ զբաղված եմ հայապահպանման գործունէութեամբ: Քաղաքական դժուարին պայմաններուն պատճառով, հաստատաուած ենք Էրբիլի մէջ, դարձեալ զբաղելով ազգային գործունէութեամբ: Հայ մշակութային եւ ընկերային միութեան հիմնադրութենէն ետք, կազմակերպուեցաւ որոշ յանձնախումբ-վարչութիւն մը, որ գործը յառաջ տարաւ մինչեւ ընտրութիւնները:
Էրբիլի հայ գաղութը կազմուած է վերջին 7-8 տարիներուն (2005-2007 թուականներուն գլխաւորաբար) այստեղ հաստատուած հայ ընտանիքներէ, որոնք բնակարաններ գնելով գործի անցան: Այժմ, 160-180 ընտանիքներ հոս տեղափոխուած են: Շատ են նաեւ սուրիահայերը, որոնք նոյնպէս այստեղ հաստատուած են գործի բերումով: Հայ տունը բացուեցաւ, որ անցեալ տարի պաշտօնապէս արձանագրուեցաւ վերոյիշեալ միութեան անունով: Ինչպէս ամէնուրեք, այստեղ ալ անիկա հայ գաղութի անդամներուն ի մի գալու ցանկալի վայրը դարձաւ: Էրբիլի քրիստոնեայ աւանինՙ Անքավայրի մէջ կը գտնուի միութեան կեդրոնը, ընտրեալ վարչութեամբ, բազմաթիւ յանձնախումբերով: Հոս հայ լեզուի ուսուցումը մեր հայ մատղաշ սերունդին կը փոխանցենք ամառնային հայերէն դասընթացքներովՙ տարբեր տարիքներու համար:
Քիւրտիստանի կառավարութիւնը մեզի առիթ ընծայեց հայերէնի դասաւանդութիւնը հասանելի դարձնելու մինչեւ 14 տարեկան պատանիներուն համար: Կը կազմակերպենք նաեւ երգչախումբ եւ պարախումբՙ մեր նոր սերունդին համար: Փորձեր կը տարուին մասնակցելու ազգային տարբեր ձեռնարկներու, տօներու եւ ոգեկոչումներու: Ունինք նաեւ ընկերային ձեռնարկներ եւ դասախօսութիւններ կազմակերպող տիկնանց յանձնախումբ մը: Ընկերային, գիտական յանձնախումբեր: Առայժմ, մնայուն կեդրոն չունինք, վարձու շէնքի մէջ կը գտնուինք, սակայն դիմած ենք կառավարութեան, որ օգնէ Հայ տունը գնելու եւ մեր գաղութին տրամադրելու: Մենք թէեւ մնայուն եկեղեցի չենք ունեցած, սակայն Սրբազան հօր ջանքերով, կառավարութիւնը ընդարձակ հող տրամադրած է, որուն վրայ պիտի կառուցուի մեր եկեղեցին: Այդ տարածքը, շուրջ 4500 քառ. մեթր է: Եկեղեցին շուրջ 400 հաւատացեալներ կրնայ ընդունիլ: Կը կարծեմ թէ պիտի ունենանք եզակի պաշտամունքի, ազգային կրօնական կառոյց մը:
- Այս առիթով ի՞նչ խօսք ունիք փոխանցելիք ընթերցողներուն:
- Իրաքի Քիւրտիստանը եւ Էրբիլը շատ ապահով բնակավայրեր են, գործի եւ աշխատանքի կեդրոններ: Մենք կը քաջալերենք Սփիւռքի մեր հայրենակիցներըՙ այցելելու եւ աշխատանքի անցնելու այստեղ: Վերջին տարիներուն, մեծ ծաղկում կապրի Քիւրտիստանը, որ շինարարութեան եւ առեւտուրի տարածաշրջանային կեդրոններէն մէկը դառնալու ճանապարհին վրայ է:
Մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք այս հիւրընկալ երկրին ղեկավարութեանՙ գլխաւորութեամբ նախագահ Մասուդ Բարազանիին, որ ամէն կարելիութիւն ընծայեց մեզիՙ մեր լեզուն եւ կրօնը պահպանելու, ազատ ապրելու եւ աշխատելու համար:
http://www.azg.am/AM/2013061820with photos:
http://www.keghart.com/Moskofian-Erbil