"...Իր (Դանիել Վարուժանի մասին է խոսքը) աքսորի ընկերները պատմած են ինծի, թէ անընդհատ կը կարդար ու կը գրէր իր աքսորի օրերուն: Նոյնիսկ Պոլսէն Հոմերոս ուզած էր՝ իր ուղեղը մարզելու համար նո՛ր տեսիլքներու:
Ու պատմած են նաեւ, թէ ան աւարտած ունէր շա՛տ մը քերտուածներ: Երբ Կոմիտաս Վարդապետ Պոլիս դարձաւ աքսորէն՝ գիշեր մը գաղտուկ իրեն գացի, լուր առնելու տարագիր եղբայրներու մասին: Ա՛ն էր, որ ըսաւ, թէ Դանիէլը արդեն շատ մը գեղեցիկ էջեր է գրած: Նոյնիսկ մանրամասնութիւններ պիտի տար, երբ ջղայնութիւն մը եկաւ վրան ու սկսաւ պոռալ երեսիս, ոէ ինչո՛ւ թաքստոցէս դուրս կ'ելլեմ..."
Յ.Ճ.Սիրունի
"Գիծեր Դանիէլ Վարուժանի կեանքին", Գահիրե 1955
![](http://www.bigsauron.ru/valid8316_ha6cbcd5f4e09cf360f097e1e9d2f41e8.jpg)