ՑԵՂԱԿՐՕՆԻ ԴԱՒԱՆԱՆՔԸ
∗ ∗ ∗
Հայ եմ:
Ես աւանդապահն եմ Հայոց ազնիւ արիւնին:
Ես ժառանգորդն եմ ու տէրը Հայաստանի:
Ես պահակն եմ Ցեղիս հոգեւոր հարստութեանց ու դրօշակիրը
անոր պատմական կոչումին:
Ես կը դաւանիմ ու կը պաշտեմ ցեղիս ստեղծագործ Աստուածը:
Ցեղս մեծ է ու արժէքաւոր:
Ոյժի անսպառ աղբիւր է նա, գիտակցութեան ջահ, առաջնորդ եւ ապաւէն:
Ցեղս արիւնի սրբազան միութիւնն է, որ ճակատ կը յարդարէ
թշնամիին դիմաց եւ ներքին պառակտումները կը վերացնէ:
Ցեղս ընկերային արդարութեան անշեղ դատաւորն է,
որ կը մերժէ դասակարգային ամեն հասկացողութիւն:
Հայաստանը հարազատ մայրն է ամեն Հայու` պարգեւաբաշխ ու լիառատ:
∗ ∗ ∗
Ցեղակրօն եմ:
Ես նուիրուած եմ Ցեղիս պայքարին ու յաղթանակին:
Իմ կեանքս, կարողութիւններս ու նուաճումներս - դիրք, փառք եւ հարստութիւն - կը պատկանին ու կը ծառայեն ոչ թէ ինձ, այլ` Ցեղիս:
Իմ գոյութիւնս մէկ նպատակ ունի միայն - անաղարտ պահել
երակներուս արիւնը եւ Ցեղս տեւականացնել:
Իմ կեանքս մէկ արդարացում ունի միայն - տիրանալ
հայրենի սուրբ հողին եւ կառչիլ անոր:
Իմ մեծագործ նախահայրերուս պատմութիւնը, մշակոյթը եւ լեզուն ինձմով չեն վերջանար, այլ` կը շարունակուին ու կը ծաղկին ինձմով:
∗ ∗ ∗
Ես կը լսեմ կանչը իմ վտանգուած Ցեղիս:
Արիւնիս մէջ կը զգամ պայքարի կրակը եւ հոգիիս մէջ` արեւը հաւատքի:
Ցեղիս ու Հայրենիքիս համար պատրաստ եմ գործելու եւ մեռնելու:
Որոշումս անդարձ է, կամքս` անընկճելի:
Ահա կ’ուխտեմ ես Մամիկոնեան զօրավարներու մեռնելու ուխտով. Քաջութեամբ մեռցուք ի վերայ աշխարհիս մեր եւ ի վերայ ազգիս մեր եւ մի տեսցեն աչք
մեր կոխան ոտից պղծալից լեալ զսրբարանս մեր:
Ուխտեցի:
Հետեւեցէք ինձ:
Ռազմիկ, Սոֆիա, 1943, թ. 131