Ձախորդ օրերը ձմռան նման կու գան ու կ՛երթան,
Վհատելու չէ, վերջ կ՛ունենան, կու գան ու կ՛երթան,
Դառը ցաւերը մարդու վրայ չեն մնայ երկար,
Որպէս յաճախորդ՝ շարուէ-շարան կու գան ու կ՛երթան:(2)
Փորձանք, հալածանք եւ նեղութիւն ազգերի գլխից
Ինչպէս ճանապարհի քարաւան կու գան ու կ՛երթան,
Աշխարհը բուրաստան է՝ յատուկ, մարդիկը ծաղիկ,
Որքան մանուշակ, վարդ, բալասան կու գան ու կ՛երթան:(2)
Ոչ ուժեղը թող պարծենայ, ոչ տկարը տխրի,
Փոփոխակի անցքեր զանազան կու գան ու կ՛երթան,
Արեւը առանց վախենալու ցայտում է լոյսը,
Ամպերը դէպի աղօթարան կու գան ու կ՛երթան:(2)
Երկիրը ուսեալ զաւակին է փայփայում մօր պէս,
Անկիրթ ցեղերը թափառական՝ կու գան ու կ՛երթան,
Աշխարհը հիւրանոց է, Ջիվան, մարդիկը հիւր են,
Այսպէս է կանոնը բնական, կու գան ու կ՛երթան:(2)
Ձախորդ օրերը ձմռան նման կու գան ու կ՛երթան,
Վհատելու չէ, վերջ կ՛ունենան, կու գան ու կ՛երթան:
ՋԻՎԱՆԻ
Click to view