Click to view
Աստուած Պապա
Այս ինչ տեսակ
Հայրիկ ես դուն...
Ոչ տուն կու գաս,
Ոչ կ՚երեւաս...
Հետս ֆութպօլ
Դեռ չես խաղցած...
Ինքնաշարժդ
Դեռ չեմ նստած...
Շարժապատկեր
Ինձ չես տարած...
Բայց թէ կ՚ուզես,
Գոնէ եկուր
Ընկեր ըլլանք։
Համակարգիչ
Ունի՞ս արդեօք,
Լեցուն, լեցուն
Խաղեր ունիմ
Սիրով կու տամ։
Այսօր եկուր
Մեր Մեծ Բակը,
Կու տամ նաեւ
Նոր գնդակս.
Քեզ թող տեսնեն
Ընկերներս.
Չէ՛, չվախնաս,
Մայրս կ՚ըսէ.
«Ապահով է,
Տէրը վերէն
Մեզ կը հսկէ...»։
Անուշ նագգաշեան
Click to view
Ամէն առտու հայրիկս,
Պաչիկ կ՚ընէ այտիկս,
Կ՚ըսէ .«Աղջիկս աղուոր,
Ի՞նչ բերեմ քեզի այսօր.
Պուպրիկ չ՚ըսես, շատ ունիս
Հագուստ, կօշիկ, խաղալիք.
Բայց քանի որ դուն շուտով
Պիտի երթաս վարժարան
Պէտք է բերեմ այբբենարան,
Որ բոլորը զարմանան,
Փոքրիկ աղջիկն արդէն գիտէ
Այբ Բեն Գիմ Դա Եչ Զա Է...»։
Անուշ Նագգաշեան